Skip to main content

Text Resize

-A +A

Ո՞վ Պիտի Ներկայացնէ Սփիւռքը

PrintPrintSendSendPDFPDF
Դոկտ Մինաս Գոճայեան, ՌԱԿ Մամուլ, Լոս Անճելըս, 30 Յունուար 2010

Առաջին անգամը չէ որ այս հարցը կը ծագի: Նախահամաձայնութիւններու առթիւ բարձրացած մտահոգութիւնները անգամ մը եւս մտածել տուին սփիւռքեան ներկայացուցչական կազմի մը մասին: Կազմ ըսելով հասկնանք մարմին մը, մշտական յանձնաժողով մը, քոնկրես մը եւայլն:

Ճիշդ է որ սփիւռքը միատարր չէ եւ սփիւռքահայը իր բնակութիւն հաստատած երկրին քաղաքացին ըլլալով ունի իր պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները. նաեւ սահամանափակումները, սակայն երբ համայն հայութիւնն ու այս պարագային սփիւռքը յուզող կենսական հարց մը կայ՝ բոլոր կաշկանդումները կը դառնան երկրորդական: Սա այն պարագան է, երբ հայ սփիւռքի գոյութիւնը վտանգի կ'ենթարկուի եւ կամ աւելի շուտ իր ինքնութիւնը կորսնցնելու սպառնալիքին տակ կը գտնուի:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոյնպէս ունի իր կաշկանդումները եւ իր սահմանափակումները, հետեւաբար սփիւռքի զանազան դժուարութիւններու եւ ճգնաժամերու լուծումները Հայաստանէն սպասելը անիրատեսական է: Կը նմանինք մարդկային մարմնին, ուր մեր անդամները մարմնի անբաժան մասերն են, բայց մէկը միւսին դերը չի կրնար կատարել:

Այս հանգրուանին է որ խիստ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ համագործակցութիւնը, աշխատանքի եւ պատասխանատուութիւններու բաժանումն ու փոխ լրացումը: Այս աշխատանքն ու ռազմավարութիւնը չ'ենթադրեր կուրաբար հետեւիլ մէկը միւսին, ալ՝ աշխատանքի եւ պատասխանատուութեան համաձայնեցում: Այլ խօսքով՝ Հայաստանը իր պետութեան ու ժողովուրդին անմիջական շահերէն մեկնած իր օրակարգը պիտի գործադրէ, սփիւռքը՝ իրը:

Եթէ հայրենիքին պարագային պետութիւնն ու կառավարութիւնը կրողներն են հանրապետութեան գործընթացին, աճումին ու ազգային ապահովութեան, սփիւռքի մէջ որո՞նք են, կամ ո՞վ է այն ներկայացուցչական գերագոյն մարմինը, որ պիտի խօսի սփիւռքի անունէն հայրենիքի ու միջազգային հանրութեան կառոյցներու հետ: Ցարդ չունինք այդ գերագոյն մարմինը կամ փորձած ենք ու տակաւին կամ չենք յաջողած եւ կա՛մ պահը չէ հասունցած:

Սխալ չմեկնաբանուելու համար ըսենք թէ չենք ուզեր հաւասարութեան նշան դնել սփիւռքի ու Հայաստանի գերագոյն մարմիններուն միջեւ ոչ ալ բանաձեւել այլապէս՝ սփիւռք ընդ հայրենիք:

Նախահամաձայնութիւններու նախօրէին ու յաջորդող օրերուն հացի ու ջուրի պէս անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ վերոյիշեալ գերագոյն մարմնին, սակայն այս պարագային տարբեր բանաձեւ ու մեքանիզմ մը ի յայտ եկաւ:

Սփիւռքի մեծամասնութիւնը կը գտնուէր նախահամաձայնութիւններու ստորագրման կապակցութեամբ մերժողական դիրքերու վրայ՝ որքան ալ համաձայն կողմը եւ Հայաստանի իշխող վերնախաւը փորձէր ցոյց տալ թէ իբր հակառակն է:

Դեռ աւելին, սփիւռքի կարգ մը կազմակերպութիւններու մէջ իսկ կային կողմ եւ դէմ շերտեր: Ուրեմն կը պարզուի թէ տակաւին սփիւռքի մէջ չկայ այն վերին մարմինը, որ իբրեւ գերագոյն մարմին արտայայտուի եւ պարզէ մեծամասնութեան ընբռնումն ու շահերը:

Հարցախոզները ցոյց կու տան թէ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող մարմինը (քոնկրեսը), վերին գերատեսչութիւնը քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք չէ ըլլան (ասիկա քննարկելիք այլ խնդիր մըն է), եկեղեցին – իր զոյգ վերապետութիւններով նոյնպէս, առանձինն, չի կրնար ներկայացնել սփիւռքի հիմնախնդիրները եւ Հայ Դատի հետապնդումը: Անկախ հարցախոյզները 73 տոկոսով կը պաշտպանեն անկախ գերատեսչութեան մը անհրաժեշտութիւնը: Նշուած հարցախոյցները ոչ թէ անատակ կամ ժամանակավրէպ կը նկատեն քաղաքական ու եկեղեցական հաստատութիւնները, այլ գործնականապէս անհեռանկար կը նկատեն՝ մրցակցութեան ու զանազան շահերը ունենալու պատճառաւ:

Ժամանակն է որ քաղաքական կուսակցութիւնները եւ եկեղեցական հաստատութիւնները, բարեսիրական ու հայրենակցական միութիւնները անգամ մը եւս իրարու քով գան ու առանց շարժելու կուսակցական նեղ շահերու մղումներով ու թելադրութիւններով՝ նախաձեռնողը ըլլան գերագոյն մարմնի մը ստեղծման, մարմին մը, որ զինուի այնպիսի կանոնադրութեամբ մը, որ անհնարին դարձնէ որեւէ քաղաքական կողմի/կուսակցութեան մենատիրութեան հաստատումը:

Դժուար նախաձեռնութիւն մըն է, բայց ոչ անիրագործելի: Հարկաւոր է թօթափել «կա՛մ մեր ուղիով կամ մոռցէք մեզ» (Either our way or no way) մտայնութիւնը:

 
Your rating: None Average: 5 (1 vote)

Comments

Նոյն ձրի փաստաբանութիւնն է,

Նոյն ձրի փաստաբանութիւնն է, որ տասնամեակներէ ի վեր կը լսենք:

Իրարու քով գանք, պահիկ մը դադրինք զիրար յօշոտելէ եւլն եւլն: Հայ ջոջերը ամէն տեսակի եւ դասակի շատ ալ միասնական են, երբ խնդիրը ազգը ծախելու կու գայ: Իսկ ծախելիք տակաւին կայ. միայն Մելգոնեանով կամ Մուրատ Ռափայէլեանով չի վերջանար խնճոյքը:

Երբ որ բոլոր ինչքերը ծախենք եւ դրամը մսխենք, այն ատեն Հայ դատը լրջօրէն պիտի հետապնդենք, որպէս զի Թուրքիայէն ալ հետագային ծախելիք պատառ մը փրցնենք, ինչո՞ւ չէ:

Post new comment

The content of this field is kept private and will not be shown publicly.
  • Web page addresses and e-mail addresses turn into links automatically.
  • Allowed HTML tags: <a> <p> <span> <div> <h1> <h2> <h3> <h4> <h5> <h6> <img> <map> <area> <hr><br> <br /> <ul> <ol> <li> <dl> <dt> <dd> <table> <tr> <td> <em> <b> <u> <i> <strong><font> <del> <ins> <sub> <sup> <quote> <blockquote> <pre> <address> <code><cite> <embed> <object> <param> <strike> <caption>
  • Lines and paragraphs break automatically.
  • Youtube and google video links are automatically converted into embedded videos.

More information about formatting options

CAPTCHA
This question is to prevent automated spam submissions.
5 + 6 =
Solve this simple math problem and enter the result. E.g. for 1+3, enter 4.